ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 10
Armenian (Western): NT
1Տեսայ ուրիշ հզօր հրեշտակ մը՝ որ կ՚իջնէր երկինքէն: Հագած էր ամպ մը, եւ ծիածան մը կար իր գլուխին վրայ: Իր երեսը արեւի պէս էր, ու ոտքերը՝ կրակէ սիւներու պէս. 2ձեռքին մէջ ունէր բացուած գրքոյկ մը: Իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ, 3եւ բարձրաձայն աղաղակեց՝ առիւծի մը մռնչիւնին պէս: Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները խօսեցան իրենց ձայներով: 4Երբ եօթը որոտումները խօսեցան՝ ես պիտի գրէի, բայց լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Կնքէ՛ այն բաները՝ որ եօթը որոտումները խօսեցան, ու մի՛ գրեր զանոնք»: 5Այն հրեշտակը որ տեսած էի՝ կայնած ծովուն վրայ եւ ցամաքին վրայ, իր (աջ) ձեռքը բարձրացուց երկինք, 6ու երդում ըրաւ անով՝ որ դարէ դար՝՝ կ՚ապրի, եւ ստեղծեց երկինքն ու ինչ որ անոր մէջ է, երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է, ու ծովը եւ ինչ որ անոր մէջ է, թէ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ: 7Հապա՝ եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը, երբ սկսի փող հնչեցնել, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս ինք աւետած էր իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն:

8Այն ձայնը՝ որ լսեր էի երկինքէն, դարձեալ խօսեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքին մէջ է»: 9Ես ալ գացի հրեշտակին եւ ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու լափէ՛. պիտի դառնացնէ փորդ, բայց մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ բերանիդ մէջ»: 10Առի գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն եւ լափեցի զայն: Մեղրի պէս անոյշ էր բերանիս մէջ, բայց երբ կերայ՝ փորս դառնացաւ: 11Ան ալ ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն դարձեալ մարգարէանաս շատ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու մասին»:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Revelation 9
Top of Page
Top of Page