1 ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2
Armenian (Western): NT
1Ուրեմն կը յորդորեմ որ ամէն բանէ առաջ աղերսանք, աղօթք, պաղատանք ու շնորհակալութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար, 2մա՛նաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանաւորներուն համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք՝ ամբողջ բարեպաշտութեամբ ու պատկառանքով. 3որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ: 4Ան կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու գան ճշմարտութեան գիտակցութեան. 5քանի որ մէ՛կ Աստուած կայ եւ մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց միջեւ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, 6որ ինքզինք իբր փրկանք ընծայեց բոլորին տեղը՝ յատուկ ատենին վկայութիւն ըլլալու: 7Ես անոր քարոզիչ եւ առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ Քրիստոսով, չեմ ստեր,) ու հեթանոսներուն վարդապետ եղայ՝ հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ:

8Ուրեմն կը փափաքիմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով, առանց բարկութեան եւ առարկութեան:

9Նոյնպէս ալ կիները իրենք զիրենք զարդարեն համեստ տարազով, ամօթխածութեամբ եւ խոհեմութեամբ, ո՛չ թէ հիւսուածքներով, ոսկիով, մարգարիտներով կամ մեծածախս պատմուճաններով, 10հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը պատշաճի աստուածպաշտութիւն դաւանող կիներուն: 11Կինը թող սորվի՝ հանդարտ կենալով, բոլորովին ենթարկուելով: 12Բայց կնոջ չեմ արտօներ որ սորվեցնէ, ո՛չ ալ իշխէ այր մարդուն. հապա թող հանդարտ կենայ: 13Որովհետեւ նախ Ադա՛մ կերտուեցաւ, ու յետոյ՝ Եւա. 14եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կի՛նը խաբուելով օրինազանց եղաւ: 15Սակայն ան պիտի փրկուի որդեծնութեամբ, եթէ խոհեմութեամբ յարատեւէ հաւատքի, սիրոյ ու սրբութեան մէջ:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

1 Timothy 1
Top of Page
Top of Page