Armenian (Western): NT 1Երկինքի մէջ տեսայ ուրիշ նշան մը՝ մեծ եւ զարմանալի.- եօթը հրեշտակներ՝ որոնք ունէին եօթը վերջին պատուհասները, որովհետեւ անոնցմո՛վ կ՚աւարտէր Աստուծոյ զայրոյթը: 2Տեսայ նաեւ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը՝ կրակով խառնուած. անոնք որ յաղթած էին գազանին, անոր պատկերին եւ անոր անունին թիւին, կայնած էին ապակեղէն ծովուն վրայ՝ ունենալով Աստուծոյ քնարները: 3Անոնք կ՚երգէին Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի երգը, ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ եւ սքանչելի են քու գործերդ, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, Ազգերո՛ւ թագաւոր: 4Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ եւ չփառաւորէ քու անունդ, որովհետեւ միակ սուրբը դո՛ւն ես. արդարեւ բոլոր ազգերը պիտի գան ու երկրպագեն քու առջեւդ, քանի որ քու արդար դատավճիռներդ յայտնաբերուեցան»: 5Ասկէ ետք նայեցայ, եւ ահա՛ երկինքի մէջ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը: 6Եօթը պատուհասներ ունեցող եօթը հրեշտակները դուրս ելան տաճարէն, մաքուր ու փայլուն կտաւ հագած, եւ ոսկիէ գօտի կապած իրենց կուրծքին վրայ: 7Չորս էակներէն մէկը՝ եօթը հրեշտակներուն տուաւ եօթը ոսկիէ սկաւառակներ, լեցուն դարէ դար՝՝ ապրող Աստուծոյ զայրոյթով: 8Ու տաճարը ծուխով լեցուեցաւ՝ Աստուծոյ փառքին եւ անոր զօրութեան պատճառով. ո՛չ մէկը կրնար մտնել տաճարը, մինչեւ որ իրագործուէին եօթը հրեշտակներուն եօթը պատուհասները: |