Armenian (Western): NT 1Ո՛վ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է, ծնած է Աստուծմէ. եւ ո՛վ որ կը սիրէ ծնողը՝ կը սիրէ նաեւ անկէ ծնածը:
2Երբ սիրենք Աստուած ու պահենք անոր պատուիրանները, ատով կը գիտնանք թէ կը սիրենք Աստուծոյ զաւակները:
3Քանի որ սա՛ է Աստուծոյ սէրը.- պահել անոր պատուիրանները: Իսկ անոր պատուիրանները ծանր չեն,
4որովհետեւ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին. մեր հաւատքն է որ կը յաղթէ աշխարհին՝՝: 5Ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ա՛ն՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է: 6Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս՝ որ եկաւ ջուրով ու արիւնով. ո՛չ միայն ջուրով, հապա՝ ջուրով եւ արիւնով. ու Հոգի՛ն է որ կը վկայէ, որովհետեւ Հոգին ճշմարտութիւն է: 7Արդարեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկինքի մէջ.- Հայրը, Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին, ու այս երեքը մէկ են: 8Նաեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկրի վրայ՝՝.- Հոգին, ջուրը եւ արիւնը, ու այս երեքը միաձայն են: 9Եթէ կ՚ընդունինք մարդոց վկայութիւնը, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ վկայութիւնը՝ որ տուաւ իր Որդիին մասին: 10Ա՛ն որ կը հաւատայ Աստուծոյ Որդիին՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը: Ա՛ն որ չի հաւատար Աստուծոյ՝ ստախօս կը նկատէ՝՝ զայն, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան՝ որ Աստուած տուաւ իր Որդիին մասին: 11Իսկ սա՛ է վկայութիւնը.- Աստուած տուաւ մեզի յաւիտենական կեանքը, եւ այս կեանքը անոր Որդիին մէջ է: 12Ա՛ն որ ունի Որդին՝ ունի կեանքը. ա՛ն որ չունի Աստուծոյ Որդին՝ չունի կեանքը: 13Գրեցի այս բաները ձեզի՝ որ կը հաւատաք Աստուծոյ Որդիին անունին, որպէսզի գիտնաք թէ ունիք յաւիտենական կեանքը: 14Այն համարձակութիւնը որ ունինք անոր քով՝ սա՛ է.- եթէ որեւէ բան խնդրենք իր կամքին համաձայն, կը լսէ մեզ: 15Ու եթէ գիտե՛նք թէ կը լսէ մեզ՝ ի՛նչ որ ալ խնդրենք, գիտենք նաեւ թէ կ՚ունենանք այն բաները՝ որ կը խնդրենք իրմէ: 16Եթէ մէկը տեսնէ թէ իր եղբայրը կը գործէ մեղք մը՝ որ մահացու չէ, թող խնդրէ, եւ Աստուած կեանք պիտի տայ անոր, այսինքն անոնց՝ որ մահացու մեղք չեն գործեր: Մեղք կայ՝ որ մահացու է. չեմ ըսեր որ թախանձէ անոր համար: 17Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ՝ որ մահացու չէ: 18Գիտենք թէ ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր: Ո՛վ որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը պահէ ինքզինք, ու Չարը չի դպչիր իրեն: 19Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք, իսկ ամբողջ աշխարհը Չարին մէջ մխրճուած է: 20Նաեւ գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ, եւ ուշիմութիւն տուաւ մեզի՝ որպէսզի ճանչնանք Ճշմարիտը: Ու մենք այդ Ճշմարիտին մէջ ենք, անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. ի՛նքն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը: 21Որդեակնե՛ր, զգուշացէ՛ք կուռքերէն: |