2 ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐԻՆ 8
Armenian (Western): NT
1Եղբայրնե՛ր, ձեզի կը տեղեկացնենք Աստուծոյ շնորհքին մասին, որ տրուած է Մակեդոնիայի եկեղեցիներուն. 2թէ ի՛նչպէս՝ տառապանքի մեծ փորձի մը մէջ՝ իրենց առատ ուրախութիւնը եւ իրենց ծանր աղքատութիւնը ճոխացան իրենց հարուստ առատաձեռնութեամբ: 3Որովհետեւ ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան համեմատ, ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամ ըլլալով, 4շատ պնդումով կ՚աղերսէին մեզի՝ որ ընդունինք շնորհքը եւ սուրբերուն համար եղած սպասարկութեան հաղորդակցութիւնը: 5Ո՛չ թէ ինչպէս մենք կը յուսայինք, հապա իրենք զիրենք ալ տուին՝ նախ Տէրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով: 6Ա՛յնքան՝ որ աղաչեցինք Տիտոսի, որ ինչպէս ան նախապէս սկսաւ, նոյնպէս նաեւ աւարտէ ձեր մէջ այդ շնորհքն ալ:

7Հետեւաբար, ինչպէս դուք ճոխացած էք ամէն բանով, (հաւատքով, խօսքով, գիտութեամբ, ամբողջ փութաջանութեամբ եւ մեզի հանդէպ ձեր տածած սիրով,) ճոխացէ՛ք նաեւ այս շնորհքով: 8Կը խօսիմ ո՛չ թէ հրամայելով, հապա՝ ուրիշներուն փութաջանութեան առիթով, ու փորձարկելու համար ձեր սիրոյն անկեղծութիւնը: 9Քանի որ դուք գիտէք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ թէպէտ հարուստ էր՝ ձեզի համար աղքատ եղաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատանալով: 10Եւ այս մասին կարծիք մը կու տամ, որովհետեւ ասիկա օգտակար է ձեզի, դո՛ւք՝ որ նախապէս սկսաք՝ անցեալ տարուընէ՝ ո՛չ միայն ընել, այլ նաեւ կամենալ: 11Իսկ հիմա ընե՛լն ալ կատարեցէք, որպէսզի՝ ինչպէս յօժարութիւն կար, նոյնպէս ալ կատարում ըլլայ՝ ձեր ունեցածէն: 12Որովհետեւ եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ: 13Քանի որ ես չեմ ուզեր որ ուրիշները անդորր ըլլան ու դուք տառապիք. 14հապա հաւասարութեամբ՝ հիմա, այս ատեն, ձեր լիութիւնը լրացնէ անոնց պակասը, որպէսզի անոնց լիութիւնն ալ օր մը լրացնէ ձե՛ր պակասը, եւ այսպէս հաւասարութիւն ըլլայ: 15Ինչպէս գրուած է. «Անոր որ շատ ժողվեց՝ ոչի՛նչ աւելցաւ, իսկ անոր որ քիչ ժողվեց՝ ոչի՛նչ նուազեցաւ»:

16Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ այս նոյն անձկալից փութաջանութիւնը դրաւ Տիտոսի սիրտին մէջ՝ ձեզի համար: 17Արդարեւ ան ընդունեց մեր յորդորը. բայց աւելի՛ փութաջան ըլլալով՝ իր իսկ համաձայնութեամբ գնաց ձեզի: 18Անոր հետ ղրկեցինք նաեւ այն եղբայրը, որուն գովեստը կ՚ըլլայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ աւետարանին համար: 19Եւ ո՛չ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ իբր մեզի ճամբորդակից՝ այս շնորհքին հետ, որ մենք կը սպասարկենք նոյն Տէրոջ փառքին համար, ու ձեր յօժարութեամբ: 20Կը զգուշանայինք որ ո՛չ մէկը մեզ արատաւորէ այս ճոխութեան մէջ, որ կը սպասարկուի մեր միջոցով. 21քանի որ կը մտադրէինք ո՛չ միայն Տէրոջ առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ ընել ինչ որ պարկեշտ է: 22Անոնց հետ ղրկեցինք մեր եղբայրը, որուն փութաջանութիւնը յաճախ փորձարկած ենք շատ բաներու մէջ, իսկ հիմա ա՛լ աւելի փութաջան է, քանի որ մեծ վստահութիւն ունի ձեր վրայ: 23Ինչ կը վերաբերի Տիտոսի, ան հաղորդակիցս է ու ձեր մօտ իմ գործակիցս. իսկ մեր եղբայրները՝ եկեղեցիներէն ղրկուածներն են, եւ Քրիստոսի փառքը: 24Ուրեմն ատոնց ու եկեղեցիներուն առջեւ ցո՛յց տուէք ձեր սիրոյն եւ ձեզի հանդէպ մեր պարծանքին ապացոյցը:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

2 Corinthians 7
Top of Page
Top of Page