ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 23
Armenian (Western): NT
1Պօղոս՝ ակնապիշ նայելով ատեանին՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես մինչեւ այսօր բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ»: 2Անանիա քահանայապետն ալ հրամայեց իր քով կայնողներուն՝ որ զարնեն անոր բերանին: 3Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուա՛ծ պիտի զարնէ քեզի, ծեփուա՛ծ պատ: Դուն բազմած ես՝ դատելու զիս Օրէնքին համաձայն, եւ կը հրամայե՞ս Օրէնքին հակառակ՝ որ զարնեն ինծի»: 4Շուրջը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը հեգնես»: 5Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբայրնե՛ր, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է, որովհետեւ գրուած է. “Քու ժողովուրդիդ պետին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ”»:

6Երբ Պօղոս գիտցաւ թէ մէկ մասը Սադուկեցիներ էին, ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, աղաղակեց ատեանին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. կը դատուիմ մեռելներու յարութեան յոյսի՛ն համար»: 7Երբ ըսաւ ասիկա, ընդվզում մը ծագեցաւ Փարիսեցիներուն եւ Սադուկեցիներուն միջեւ, ու բազմութիւնը բաժնուեցաւ. 8քանի որ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ ո՛չ յարութիւն կայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի, իսկ Փարիսեցիները կը դաւանին երկուքն ալ: 9Հզօր գոչիւն մը բարձրացաւ, եւ Փարիսեցիներու կողմէն եղող դպիրները կանգնեցան ու մաքառեցան՝ ըսելով. «Մենք ո՛չ մէկ չարութիւն կը գտնենք այս մարդուն վրայ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը խօսած է անոր, ի՞նչ կրնանք ընել՝՝»: 10Երբ աղմուկը սաստկացաւ՝՝, հազարապետը՝ վախնալով որ Պօղոս բզքտուի անոնցմէ՝ հրամայեց զօրքերուն որ իջնեն, յափշտակեն զայն անոնց մէջէն ու բերեն բերդը:

11Հետեւեալ գիշերը Տէրը կայնեցաւ անոր քով եւ ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, Պօղո՛ս, որովհետեւ ի՛նչպէս վկայեցիր ինծի համար Երուսաղէմի մէջ, ա՛յնպէս ալ պէտք է վկայես Հռոմի մէջ»:

12Երբ առտու եղաւ, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան եւ նզովեցին իրենք զիրենք, ըսելով թէ ո՛չ պիտի ուտեն, ո՛չ ալ խմեն՝ մինչեւ որ սպաննեն Պօղոսը: 13Այս երդումը ընողները՝ քառասունէ աւելի էին: 14Անոնք գացին քահանայապետներուն ու երէցներուն, եւ ըսին. «Սաստիկ նզովեցինք մենք մեզ, որ ո՛չ մէկ բան ճաշակենք՝ մինչեւ որ սպաննենք Պօղոսը: 15Ուստի դուք հիմա՝ ատեանին հետ՝ խնդրա՛նք յայտնեցէք հազարապետին, որ վաղը իջեցնէ զայն ձեզի, իբր թէ կ՚ուզէք աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւն ունենալ անոր մասին. իսկ մենք՝ անոր մօտենալէն առաջ՝ պատրաստ ենք սպաննել զայն»:

16Բայց Պօղոսի քրոջ որդին՝ լսելով այս դարանակալութիւնը՝ գնաց, մտաւ բերդը, ու պատմեց Պօղոսի: 17Պօղոս ալ կանչեց հարիւրապետներէն մէկը եւ ըսաւ. «Տա՛ր այս երիտասարդը հազարապետին, որովհետեւ լուր մը ունի՝ տալու անոր»: 18Ան ալ առաւ զայն, տարաւ հազարապետին եւ ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը կանչեց զիս ու խնդրեց՝ որ բերեմ քեզի այս երիտասարդը, քանի որ ըսելիք ունի քեզի»: 19Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի քաշուեցաւ եւ հարցուց. «Ի՞նչ լուր ունիս՝ տալու ինծի»: 20Ան ալ ըսաւ. «Հրեաները միաձայնեցան թախանձել քեզի՝ որ վաղը ատեանին առջեւ իջեցնես Պօղոսը, որպէս թէ կ՚ուզեն աւելի ճշգրտութեամբ հարցաքննել զայն: 21Բայց դուն մտիկ մի՛ ըներ անոնց, որովհետեւ անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարան մտած են անոր համար, եւ իրենք զիրենք նզոված՝ որ ո՛չ ուտեն, ո՛չ ալ խմեն, մինչեւ որ սպաննեն զայն. ու հիմա պատրաստ են, եւ կը սպասեն քու խոստումիդ»: 22Հետեւաբար հազարապետը արձակեց երիտասարդը՝ պատուիրելով անոր. «Ո՛չ մէկուն ըսէ թէ այս բաները յայտնեցիր ինծի»:

23Ապա կանչելով հարիւրապետներէն երկուքը՝ ըսաւ. «Պատրաստեցէ՛ք երկու հարիւր զինուոր, եօթանասուն ձիաւոր ու երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէսզի երթան մինչեւ Կեսարիա՝ գիշերուան երրորդ ժամուն՝՝. 24նաեւ հայթայթեցէ՛ք գրաստներ, որպէսզի հեծցնեն Պօղոսը եւ ապահովութեամբ տանին Փելիքս կառավարիչին»: 25Նամակ մըն ալ գրեց՝ սա՛ տիպարին համաձայն.

26«Կղօդիոս Լիւսիաս՝ պատուական Փելիքս կառավարիչին. ողջո՜յն:

27Այս մարդը բռնուած էր Հրեաներէն եւ պիտի սպաննուէր անոնցմէ. իսկ ես վրայ հասայ զօրքերով եւ ազատեցի զայն, հասկնալով որ Հռոմայեցի է: 28Ուզելով գիտնալ պատճառը՝ որուն համար կ՚ամբաստանէին զինք, տարի զինք անոնց ատեանին առջեւ, 29եւ գտայ թէ ամբաստանուած էր իրենց Օրէնքին վերաբերեալ հարցերու համար, բայց մահուան կամ կապերու արժանի ո՛չ մէկ յանցանք ունէր:

30Երբ տեղեկացայ թէ Հրեաները կը դաւադրեն այդ մարդուն դէմ, անյապաղ ղրկեցի քեզի, պատուիրելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ խօսին քու առջեւդ անոր դէմ: Ո՛ղջ եղիր»: 31Զինուորներն ալ առին Պօղոսը եւ գիշերուան մէջ տարին Անտիպատրոս, իրենց հրամայուածին համաձայն: 32Հետեւեալ օրը՝ թողուցին ձիաւորները որ երթան անոր հետ, իսկ իրենք վերադարձան բերդը: 33Անոնք ալ մտան Կեսարիա, տուին նամակը կառավարիչին ու ներկայացուցին Պօղոսը անոր: 34Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՛ր գաւառէն է, եւ հասկնալով թէ Կիլիկիայէն է՝ 35ըսաւ. «Մտիկ պիտի ընեմ քեզի՝ երբ գան քեզ ամբաստանողներն ալ»: Ու հրամայեց որ պահեն զայն Հերովդէսի պալատին մէջ:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Acts 22
Top of Page
Top of Page