ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐԻՆ 5
Armenian (Western): NT
1Ուստի հաստատո՛ւն կեցէք այն ազատութեամբ՝ որով Քրիստոս ազատեց մեզ, եւ դարձեալ ստրկութեան լուծին տակ մի՛ կաշկանդուիք:

2Ահա՛ ես՝ Պօղոս, ձեզի կ՚ըսեմ. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենայ ձեզի»: 3Եւ ամէն թլփատուող մարդու դարձեալ կը վկայեմ թէ պարտաւոր է գործադրել ամբո՛ղջ Օրէնքը: 4Քրիստոս ոչինչ դարձած է ձեզի համար, այսինքն ձեզմէ բոլոր անոնց՝ որ Օրէնքո՛վ արդարանալ կ՚ուզեն: Դուք շնորհքէն ինկած էք, 5որովհետեւ մենք Հոգիին միջոցով կը սպասենք հաւատքո՛վ եղած արդարութեան յոյսին: 6Արդարեւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղողին՝ ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւա՛տքը՝ որ կը ներգործէ սիրով:

7Դուք լաւ կը վազէիք. ո՞վ կասեցուց ձեզ՝ որ ճշմարտութեան չանսաք: 8Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց: 9Քիչ մը խմորը ամբո՛ղջ զանգուածը կը խմորէ: 10Բայց ես ձեր մասին համոզուած եմ Տէրոջմով, թէ բնա՛ւ ուրիշ կերպ պիտի չմտածէք: Իսկ ա՛ն որ ձեզ կը վրդովէ՝ ո՛վ որ ըլլայ՝ պիտի կրէ իր դատապարտութիւնը: 11Սակայն, եղբայրնե՛ր, ա՛լ ինչո՞ւ կը հալածուիմ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ. ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը ոչնչացա՞ծ է: 12Երանի՜ թէ նոյնիսկ կտրուէին անո՛նք՝ որ ձեզ տակնուվրայ կ՚ընեն:

13Որովհետեւ դուք ազատութեա՛ն կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու առիթ չըլլայ, հապա սիրո՛վ իրարու ծառայեցէք: 14Քանի որ ամբողջ Օրէնքը սա՛ մէկ խօսքին մէջ կը գործադրուի. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»: 15Բայց եթէ զիրար խածնէք եւ լափէք, զգուշացէ՛ք որ իրարմէ չսպառիք:

16Ուստի սա՛ կ՚ըսեմ. «Հոգիո՛վ ընթացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չգործադրէք»: 17Որովհետեւ մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ, ու Հոգին՝ մարմինին հակառակ. եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որպէսզի չընէք ի՛նչ որ ուզէք: 18Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ Օրէնքին տակ չէք ըլլար: 19Մարմինին գործերը բացայայտ են. անոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անմաքրութիւն, ցոփութիւն, 20կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, երկպառակութիւն, մրցակցութիւններ, զայրոյթ, հակառակութիւն, խռովութիւն, հերձուածներ, 21չար նախանձներ, մարդասպանութիւններ, արբեցութիւններ, զեխութիւններ եւ ինչ որ ասոնց նման է. որոնց մասին կանխաւ կ՚ըսեմ ձեզի, ինչպէս ժամանակին ալ ըսած եմ, թէ այսպիսի բաներ ընողները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: 22Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, 23քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ Օրէնք չկայ: 24Անոնք որ Քրիստոսիններն են, իրենց մարմինը խաչեցին՝ բնական կիրքերուն ու ցանկութիւններուն հետ:

25Եթէ Հոգիով կ՚ապրինք՝ նաեւ ընթանա՛նք Հոգիին համաձայն: 26Սնափառ չըլլա՛նք՝ զիրար գրգռելով եւ իրարու նախանձելով:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Galatians 4
Top of Page
Top of Page